2017-04-05 08:53:00

Իտլիպի մէջ տասնեակ զոհեր` թունաւոր կազեր պարունակող ռումբերուն պատճառով։


Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը կը հաղորդէ, որ տասնեակ մը զոհեր, որոնց կարգին 11 մանուկներ, խեղդամահ եղած են Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի Խան Շէյխուն շրջանը թունաւոր կազեր պարունակող ռումբերով ռմբակոծուելուն իբրեւ հետեւանք: Ռմբակոծումը կատարած են ռազմական օդանաւեր, որոնց սուրիական կամ ռուսական ըլլալը կարելի չէ եղած ճշդել, նաեւ չէ բացայայտուած, որ ի՛նչ տեսակի թունաւոր նիւթեր կը պարունակէին ռումբերը:

Ռմբակոծումի եւ կործանումի ենթարկուած է նաեւ այն հիւանդանոցը, ուր փոխադրուած էին այս պատճառով վիրաւորուած հարիւրաւոր քաղաքացիներն ու մանուկները, որոնք կը բուժուէին եւ փորձ կը կատարուէր անոնց կեանքը փրկելու:

Սուրիական զինուորական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ սուրիական բանակը քիմիական կամ թունաւոր ո՛չ մէկ նիւթ օգտագործած է անցեալին, ո՛չ ալ կ’օգտագործէ այսօր` շեշտելով, որ նման բան պիտի չպատահի նաեւ ապագային: Բանակի ղեկավարութիւնը հաստատած է, որ սուրիական բանակը վեհանձն է, եւ անկարելի է, որ որեւէ պարագայի դիմէ նման ահաւոր եւ սահմռկեցուցիչ ոճրային արարքի մը:

«Ռոյթըրզ»-ի համաձայն, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր` չորեքշաբթի, 5 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին (Նիւ Եորքի ժամանակացոյցով) ժողով պիտի գումարէ` քննարկելու Իտլիպի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ոճիրը:

Իտլիպի բնակիչներուն օժանդակութեան հասնելու նպատակով ՄԱԿ 18 բեռնատար օգնութիւն ուղարկած է շրջան:

Քիմիական զէնքերու գործածութեան կասեցման կազմակերպութիւնը իր խորին մտահոգութիւնը յայտնած է Խան Շէյխունի վրայ ինկած թունաւոր նիւթեր պարունակող ռումբերուն պատճառած ահաւոր աղէտին գծով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.